ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ՏՈՒՓԸ
Երիտասարդ թագուհի մը կախարդական տուփ մը ունէր. ատիկա երջանկութիւն պիտի բերէր թագաւորութեան,
պայմանով որ բացուէր տեղ մը, ուր կայ առատաձեռնութիւն եւ ազնուութիւն։
Թագուհին կը հրահանգէ թագաւորութեան բոլոր ազնիւ եւ առատաձեռն մարդոց, որ պալատ հաւաքուին։
Սակայն երբ ան բոլորը հաւաքելով կը բանայ տուփը, բան մը չի պատահիր։
Ճարահատ, թագուհին կ’որոշէ ի՛նք շրջիլ թագաւորութեան մէջ եւ գտնել
ցանկալի* վայրը։
Բաւական փնտռելէ ետք, գիւղական ճամբու մը եզերքը կը տեսնէ աղքատ փոքրիկ մը, որ կը մուրար։
Թագուհին կը փափաքի քիչ մը դրամ տալ փոքրիկին, բայց քովը դրամ չունէր։
Փոքրիկը թագուհիին տուփը տեսնելով կը խնդրէ, որ տուփը իրեն տայ, որպէսզի զայն ծախէ եւ քիչ մը դրամ շահի։
Թագուհին պահ մը կը տատամսի*,
որովհետեւ գիտէր թէ տուփը կախարդական էր,
սակայն կարեկցելով* փոքրիկին, տուփը կու տայ անոր։
Փոքրիկը կը բանայ զայն եւ այդ վայրկեանին կախարդութիւնը կը պատահի, եւ երջանկութիւն կը տիրէ թագաւորութեան մէջ։
Թագուհին կը գիտնայ, թէ ինք պէտք չունէր ուրիշներու մէջ փնտռելու ազնուութիւնն ու առատաձեռնութիւնը, այլ այդ
առաքինութիւնները*
նախ եւ առաջ իր անձին յատկութիւնը պէտք է ըլլան։