ՄՕՐ ԳԱՆՁԵՐԸ

Շողեր եւ Ցոլեր երկու քոյրեր էին։ Անոնք կը բնակէին համեստ տան մը մէջ, որ ընդարձակ պարտէզ մը ունէր։
Օր մը, իրենց մօր բարեկամուհիներէն՝ Տիկ. Սոնան եկած էր զիրենք այցելելու եւ իրենց մօր հետ պարտէզին մէջ կը զբօսնուր*։ Ան շատ գեղեցիկ հագուստ մը հագած էր եւ զարդարուած էր արժէքաւոր գոհարեղէններով։ Շողեր քրոջը ըսաւ. «Տեսա՞ծ ես կին մը, որ աւելի ներկայանալի ըլլայ, քան Տիկ. Սոնան»։ Ցոլեր պատասխանեց. «Այո, ճիշդ է որ ան իսկապէս ներկայանալի է իր ընտիր հագուստներուն մէջ, սակայն մեր մաման աւելի գեղեցիկ է»։ Շողեր ըսաւ. «Ճիշդ է, մեր քաղաքին մէջ մեր սիրելի մօրմէն աւելի գեղեցիկ կին չկայ»։

Քիչ անց, Շողեր եւ Ցոլեր միացան երկու կիներուն՝ միասնաբար ճաշելու։ Իրենց մայրը ըսաւ թէ Տիկ. Սոնան անակնկալ մը ունէր իրենց համար. ան ցոյց պիտի տար իր գոհարեղէնի տուփը, զոր հետը բերած էր կարեւոր նպատակի մը համար։

Ճաշէն ետք, Տիկ. Սոնա իր կողքին գտնուող ծրարը բացաւ եւ մէջէն հանեց գոհարեղէնի տուփը՝ մէկ առ մէկ ցոյց տալով իր մարգարիտները, սուտակները, զմրուխտներն ու ադամանդները։ Շողեր եւ Ցոլեր շլացած ու սքանչացած* էին։ Անոնք ըսին. «Երանի մեր մայրն ալ նման գոհարեղէններ ունենար»։ Զարմացած՝ Տիկ. Սոնան բարեկամուհիին հարցուց. «Իսկապէս բնաւ թանկարժէք* գոհարեղէններ չունի՞ս»։ Աղջիկներուն մայրը պատասխանեց. «Անշուշտ թէ ունիմ»։ եւ Շողերն ու Ցոլերը իր մօտ քաշելով աւելցուց, «Ասոնք են իմ գանձերս. ասոնք ինծի համար աւելի թանկարժէք են, քան քու ունեցած բոլոր գոհարեղէններդ»։

Շողեր եւ Ցոլեր շատ ազդուեցան իրենց մօր խօսքերէն, եւ հասկցան թէ մօր մը համար իսկական հարստութիւնը իր զաւակներն են։