ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՄԻՋԱԴԷՊԸ
Շուշան օդակայանն էր եւ իր թռիչքը կը սպասէր։ Օդանաւ բարձրանալու մի քանի ժամ կար, ուստի զբաղելու համար գիրք մը կը գնէ, ինչպէս նաեւ՝ տոպրակ մը կրկնեփուկ (պիսքուի) եւ կը տեղաւորուի նստարանի մը վրայ։ Ընթերցումի մէջ թաղուած, յանկարծ կ’անդրադառնայ թէ քովը նստող մարդը իր կրկնեփուկի տոպրակէն կ՚ուտէր։ Շուշան կը ջանայ անտեսել* մարդուն ըրածը եւ կը շարունակէ ուտել իր տոպրակէն, նախքան աներես դրացին վերջացնէր անոր պարունակութիւնը, սակայն միաժամանակ կը ջղայնանայ մարդուն համարձակութենէն, որ դեռ կը շարունակէր ուտել իր տոպրակէն։ Երբ տոպրակին մէջ միայն մէկ հատիկ կրկնեփուկ կը մնայ, մարդը, անիկա կը կիսէ եւ մէկ կէսը ուտելով, երկրորդը՝ իրեն կը հրամցնէ։ Շուշան ապշած էր մարդուն անփափկանկատութենէն* ու աներեսութենէն. ան ոչ միայն առանց հրամցուելու կերած էր իր կրկնեփուկները, այլեւ շնորհակալութիւն իսկ չէր յայտնած։
Շուշան նման կացութեան* մը բնաւ չէր մատնուած եւ շուարած էր ինչպէս վարուիլ քովի մարդուն հետ, հետեւաբար շա՜տ կ՚ուրախանայ, երբ իր օդանաւին թռիչքը կը յայտարարուի. կը հաւաքէ ապրանքները եւ կ՚ուղղուի դէպի նշուած մուտքը, ծուռ նայուածք մը ձգելով մարդուն վրայ։
Օդանաւ բարձրանալէ ետք, երբ Շուշան կը տեղաւորուի իր աթոռին վրայ եւ կը սկսի քննել ձեռքի պայուսակը, ո՜վ զարմանք, կը նկատէ, թէ իր գնած կրկնեփուկին տոպրակը հոն էր…։ Ուրեմն օդակայանին մէջ իր կերածը քովի մարդուն կը պատկանէր, որ կը ջանար ազնուաբար իր հետ բաժնեկցիլ կրկնեփուկները։ Ուրեմն ի՛նք էր աներեսն ու անփափկանկատը եւ դժբախտաբար շատ ուշ էր ներողութիւն խնդրելու։
Այս պատմութիւնը ցոյց կուտայ, թէ պէտք չէ աճապարանքով դատել ուրիշները, որովհետեւ յաճախ կարելի է սխալիլ։