ԾԱՐԱՒ ԱԳՌԱՒԸ

Ամառուան շատ տաք օդ մըն էր։ Ծարաւ ագռաւ մը կը թռչէր դաշտերուն մէջ ջուր փնտռելով։ Երկար ժամանակ չի կրնար ջուր գտնել, հետեւաբար կը սկսի յոյսը կորսնցնել։

Ագռաւը ինքզինք շատ տկար կը զգար ու շուարած էր, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենար ծարաւը յագեցնել, երբ կը տեսնէ ջուրի սափոր* մը, մէջը որոշ քանակութեամբ* ջուր։ Ագռաւը կ՚ուրախանայ եւ կը փորձէ գլուխը մտցնել սափորին մէջ, սակայն տխրութեամբ կը նշմարէ* թէ սափորին վիզը շատնեղ էր։ Կը փորձէ շրջել* սափորը, որպէսզի մէջի ջուրը դուրս հոսի, սակայն չի կրնար, որովհետեւ սափորը շատ ծանր էր։

Ագռաւը բաւական կը մտածէ, ապա շուրջը նայելով կը տեսնէ խճաքարեր*։ Այդ վայրկեանին խելացի գաղափար մը կ՚ունենայ։ Խճաքարերը մէկ առ մէկ սափորին մէջ կը լեցնէ։ Որքան խճաքարերը կը լեցուէին սափորին մէջ, ջուրը այդքան կը բարձրանար, մինչեւ որ ագռաւը կը կարենայ խմել ջուրը։
Ուրեմն սիրելիներ, այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ անկարելի նկատուած հարցի մը լուծումը կարելի է գտնել հնարամտութեամբ*,առանց յուսահատելու եւ գանգատելու։