ՀՆԱՐԱՄԻՏ ՄԱՅՐԸ

Օր մը, մայր բադ մը իր բադիկներուն հետ կ’ուղղուէր դէպի լիճ, երբ հեռուէն կը նկատէ աղուէս մը։ Մայր բադը տագնապած * կը պոռայ. «Ձագուկներս, աճապարեցէք, աղուէս մը կը մօտենայ մեզի»։

Բադիկները կ’աճապարեն լիճ հասնելու, մինչ մայր բադը կը մտածէր, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենար պաշտպանել ձագուկները, եթէ աղուէսը մօտենար իրենց։ Ան հնարք* մը կը մտածէ եւ կը սկսի քալել մէկ թեւը գետնին քսմսելով

Աղուէսը, երբ կը տեսնէ բադին այս շարժումները, կ՚ուրախանայ, կարծելով թէ բադը վիրաւորուած է, հետեւաբար դիւրին պիտի ըլլար զայն բռնելը, ուստի, ձգելով ձագուկները, կը վազէ մայր բադին ուղղութեամբ։

Մայր բադը, հետզհետէ* կ՚արագացնէ իր քայլերը, աղուէսը լիճէն հեռու առաջնորդելով։ Աղուէսը կը շարունակէ հետեւիլ անոր։ Երբ մայր բադը վստահ կ’ըլլայ, թէ բադիկները լիճ հասած են ու ապահով են, կը հանգստանայ, խոր շունչ մը կ’առնէ եւ թեւերը բանալով կը թռչի եւ կ’իջնէ լիճին մէջտեղը, ուր իրեն կը միանան իր ձագուկները։

Աղուէսը ապշած կը նայի մայր բադին ու բադիկներուն, եւ կ’ափսոսայ, որ չի կրնար հասնիլ անոնց։ Այսպիսով, մայր բադը հնարամտութեամբ կը յաջողի պաշտպանել իր ձագուկները։

Ուրեմն սիրելինե՛ր, մայրական բնազդն ու հնարամտութիւնը* երբեմն կը գերազանցեն աղուէսին խորամանկութիւնը։