ԵՐԿՈՒ ԹՈՒԹԱԿՆԵՐԸ
Մայր ու հայր թութակներ ծառի մը քով բոյն շինած էին եւ կ’ապրէին իրենց երկուորեակ փոքրիկներուն հետ։ Ծնողները ամէն առտու կ’երթային ուտելիք ճարելու եւ երեկոյեան կը վերադառնային իրենց ձագերուն քով։
Օր մը, երբ երկու փոքրիկ թութակները առանձին կը խաղային, չար որսորդ մը զիրենք կը բռնէ ու հետը կը տանի։ Ճամբան, փոքրիկ թութակներէն մէկը կը յաջողի փախուստ տալ որսորդէն եւ
կ’ապաստանի* վանքի մը մէջ, ուր կ'ապրէին բարի ու իմաստուն
վանականներ*:
Թութակը ամէն օր անոնցմէ կը լսէր ազնիւ ու քաղաքավար խօսքեր։
Որսորդը միւս թութակը կը տանի տուն եւ կը դնէ վանդակի մը մէջ, ուրկէ ան կը լսէ ու կը սորվի որսորդին եւ անոր ընտանիքին կոշտ ու անկիրթ արտայայտութիւնները։
Օր մը անցորդ մը կը մօտենայ որսորդին տունին։ Թութակը զգալով, որ դուրսը մէկը կայ, կ’ըսէ.
-- Խե՛նթ, ինչո՞ւ հոս ես, գնա՛, եթէ ոչ կոկորդդ կը կտրեմ։
Անցորդը վախցած կը հեռանայ: Ճամբուն վրայ կը հանդիպի այն վանքը, ուր միւս թութակը կը գտնուէր։ Թութակը կ’ըսէ այցելուին.
-- Բարի եկար, կրնաս մնալ որքան որ կը փափաքիս։
Անցորդը զարմացած՝ կ’ըսէ թութակին.
-- Ճամբան քեզի շատ նմանող ուրիշ թութակի մը հանդիպեցայ, բայց շատ կոշտ ու անգութ էր, ինչպէ՞ս դուն այսքան ազնիւ ես։
Թութակը կը պատասխանէ.
-- Այդ թութակը թերեւս եղբայրս է։ Մենք տարիներ առաջ բաժնուեցանք իրարմէ: Ես կ’ապրիմ ազնիւ մարդոց հետ, իսկ եղբայրս՝ հաւանաբար չար որսորդին տունն է։ Ես սորվեցայ ազնիւ մարդոց լեզուն, իսկ ան՝ կոշտ որսորդներու խօսուածքը։
Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։
- Փոքրիկ թութակները ինչպէ՞ս կը բաժնուին իրարմէ։
- Անցորդը ինչո՞ւ կը զարմանայ։
- Ի՞նչ է այս պատմուածքին պատգամը։