Հնարամիտ Բանտարկեալը

Ծերունի մը կ՛ապրէր գիւղի մը մէջ։ Ան կ՛ուզէր պարտէզին մէջ գետնախնձոր ցանել, սակայն հողը հերկելու ուժ չունէր։ Իր որդին, որ սովորաբար կ՛օգնէր իրեն, բանտարկուած էր։ Ծերունին նամակ մը կը գրէ տղուն ըսելով՝ «Ես շատ նեղուած եմ, որովհետեւ այս տարի պիտի չկարենամ գետնախնձոր ցանել. ես շատ ծեր եմ բահով հողը հերկելու, իսկ դուն ալ բանտն ես։ Եթէ քովս ըլլայիր ինծի կ՛օգնէիր»։

Կարճ ժամանակ ետք ծերունին հեռագիր մը կը ստանայ իր որդիէն որ կ՛ըսէ. «Հայրի՛կ, չըլլայ որ փորես հողը, որովհետեւ ես զէնքերը հոն պահած եմ»։ Յաջորդ առաւօտ կանուխ զինուորներ կու գան եւ ամբողջ պարտէզը կը փորեն, սակայն բան չեն գտներ։ Ծերունին շուարած՝ նոր նամակ մը կը գրէ տղուն եւ կը պատմէ պատահածը։ Որդին կը պատասխանէ. «Հայրի՛կ, հիմա կրնաս ցանել գետնախնձորներդ. ես բանտէն ասկէ աւելի չէի կրնար օգտակար ըլլալ քեզի…»։