ԴԷՊՔԻ ՄԸ ԴՐԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ

ԴԷՊՔԻ ՄԸ ԴՐԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ

Ժամանակին թագաւոր մը կար, որ շատ կը սիրէր որսորդութիւնը։ Ան իր ազատ ժամանակին մեծ մասը կ'անցընէր պալատին մօտ ու անկէ հեռու գտնուող անտառներու մէջ:

Թագաւորին միշտ կ'ընկերակցէր իր խորհրդականը, որ շատ խելացի եւ լաւատես* անձ մըն էր, թէեւ իր լաւատեսութեամբ երբեմն ջղայնութիւն կը պատճառէր թագաւորին, որ ամէն ինչ դրական տեսնելու սովորութիւն չունէր:

Օր մը, թագաւորն ու խորհրդականը հեռու անտառ մը որսի կ'երթան, ուր առատ եղջերուներ եւ այլ որսի կենդանիներ կային: Թագաւորը կ'անօթենայ եւ իր սուրով հնդկընկոյզ մը կ'ուզէ կտրել, սակայն սուրը, անոր կարծր կեղեւին զարնուելով, յանկարծ կը սահի ու թագաւորին ոտքին կը զարնուի, նոյնիսկ կտրելով անոր ձախ ոտքի բթամատը։

Թագաւորը ցաւէն կը ճչայ, մինչ խորհրդականը կը խնդայ ու կ'ըսէ.

– Մի՛ նեղուիր, տէ՛ր իմ, ինչ որ պատահի, անպայման լաւ բանի մը համար է։

Թագաւորը շատ կը բարկանայ ու գոռալով՝ խորհրդականին կ'ըսէ.

– Այս ի՛նչ անիմաստ խօսքեր են, ոտքս վիրաւորելուն ու մատս կտրելուն մէջ ի՞նչ կայ դրական. խօսածներդ չես գիտեր այլեւս:

Թէ՛ ոտքին ցաւէն, թէ՛ իր անճարակութենէն եւ թէ՛ խորհրդականին խօսքերէն սաստիկ բարկացած, թագաւորը կը հրէ զայն չոր հորի մը մէջ եւ կ'ուղղուի դէպի պալատ։

Ճամբան թագաւորը կը մոլորի* ու սխալ ուղղութիւն մը առնելով, հետզհետէ կը մտնէ անտառին խորերը, ուր կ'ապրէր վայրի ցեղախումբ* մը, որուն մարդիկը կը բռնեն զինք ու կ'որոշեն զայն զոհաբերել իրենց աստուծոյն։ Թագաւորը շատ կը վախնայ երբ ցեղախումբի մարդիկը կը սկսին իր հագուստներն ու կօշիկները հանել: Ցեղախումբին քրմապետը*, երբ կը տեսնէ թագաւորին մերկ ոտքին կտրուած մատը, կ'ըսէ.

– Մենք չենք կրնար պակասաւոր մարդ մը զոհաբերել մեր աստուծոյն, մեծ անարգանք է այդ եւ պատիժներու կ'ենթարկուինք:

Հետեւաբար ազատ կ'արձակեն թագաւորը ու կ'երթան։

Թագաւորը անմիջապէս կը վերադառնայ հորին քով եւ խորհրդականը հոնկէ դուրս հանելով, անոր կը պատմէ եղելութիւնը եւ կ'ըսէ.

– Շատ կը ցաւիմ, սիրելի՛ բարեկամս, դուն իսկապէս խելացի ես։ Մատիս կտրուիլը մե՜ծ բախտաւորութիւն եղաւ: Կեանքս փրկուեցաւ անոր շնորհիւ: Ներէ՛, որ քեզ հորը նետեցի:

Խորհրդականը կը ժպտի ու կ'ըսէ.

– Պէտք չունիս ներողութիւն խնդրելու, տէ՛ր թագաւոր, ես եմ բախտաւորը. եթէ զիս հորը նետած չըլլայիր, այդ մարդիկը զիս ալ պիտի բռնէին եւ թերութիւն չունենալուս պատճառով, քու փոխարէնդ զիս պիտի զոհաբերէին...։

Երբ թագաւորն ու խորհրդականը պալատ կը վերադառնան, թագուհին կը հարցնէ.

– Կրցա՞ր կենդանիներ որսալ։

– Ո՛չ, սիրելի՛ս,– կը պատասխանէ թագաւորը,–  չկրցայ կենդանի որսալ, բայց ձեռք ձգեցի* աւելի արժէքաւոր բան մը՝ իմաստութիւն։


Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։

  1. Թագաւորը ինչո՞ւ ջղայնացաւ խորհրդականէն։
  2. Թագաւորը ինչո՞ւ շատ խելացի նկատեց խորհրդականը։
  3. Թագաւորը ի՞նչ շահեցաւ այդ օրուան որսորդութենէն։