ԿԱՊԻԿՆ ՈՒ ԿՈԿՈՐԴԻԼՈՍԸ
Ժամանակին կապիկ մը կար, որ կ’ապրէր ծովեզերքը գտնուող խնձորենիի մը վրայ, որուն խնձորները կարմիր եւ շատ հիւթեղ էին։ Օր մը կոկորդիլոս մը կու գայ եւ կապիկէն մի քանի խնձոր կը խնդրէ։
Կապիկը ուրախութեամբ կը կատարէ անոր խնդրանքը եւ կոկորդիլոսը բարեկամ նկատելով, նոյնիսկ մի քանի խնձոր աւելի կու տայ անոր կնոջ համար։
Երբ կոկորդիլոսին կինը կը համտեսէ խնձորները, կը փափաքի համտեսել նաեւ կապիկին սիրտը։ Ան կը համոզէ ամուսինը, որ անպայման իրեն բերէ կապիկին սիրտը։
Կոկորդիլոսը սկիզբը կը տատամսի*, բայց ի վերջոյ կը համաձայնի։
Կոկորդիլոսը յաջորդ օրը ծովեզերք կ’երթայ եւ կապիկը իր տունը կը հրաւիրէ։ Կապիկը, ոչինչ կասկածելով, սիրով կ’ընդառաջէ հրաւէրին եւ անոր կռնակը կը նստի եւ միասնաբար կ’ուղղուին դէպի տուն։ Ճամբուն կիսուն կոկորդիլոսը, որուն խիղճը կը տանջէր, կապիկին կը յայտնէ իր կնոջ փափաքը։ Կապիկը պաղարիւնութիւնը* չի կորսնցներ եւ կ’ըսէ, թէ սիրտը ծառին վրայ ձգած է, ուստի պէտք է վերադառնան սիրտը առնելու համար։ Միամիտ կոկորդիլոսը կը հաւատայ. հազիւ ծովեզերք կը հասնին, կապիկը կը ցատկէ ծառին վրայ ըսելով թէ ինք սխալած է վստահելով կոկորդիլոսին։
Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։
- Կոկորդիլոսին կինը ի՞նչ կը խնդրէ ամուսինէն։
- Կապիկը ի՞նչ ձեւով կ’ազատի մահուընէ։
- Ի՞նչ է այս պատմուածքին պատգամը։