ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
ԵՐԿՈՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ
Հրակն ու Կարէնը մանկութեան մտերիմ ընկերներ էին։ Անոնք միշտ միասին կը խաղային եւ իրարու կ’օգնէին:
Կարդալ ամբողջութեամբՍԻՐՏԷ ԼԱԲԻՒՐԻՆԹՈՍ
Կարօն անտառ գացած էր ընկերներուն հետ սունկ հաւաքելու: Տարուելով, ան կը հեռանայ իր ընկերներէն, որոնք գիտէին տունդարձի ճամբան: Կրնա՞ս օգնել մեր Կարոյին, որ միանայ իր ընկերներուն, որոնք լաւ բարեկամներ ըլլալով կը սպասէին զինք:
ԽաղալԿՐՆԱ՞Ս ԸՆՏՐԵԼ ՃԻՇԴ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանները բարեկամութեան մասին որեւէ տեղեկութիւն կամ կարծիք կը պարունակեն: Փորձէ իւրաքանչիւր հարցումի 3 հաւանական պատասխաններէն ընտրել ճիշդը։
ԽաղալՊԱՀՈՒԱԾ ԱԾԱԿԱՆԸ
Իւրաքանչիւր բանջարեղէնի նկարին տակի քառակուսիները ամբողջացո՛ւր, ապա կարմիր քառակուսիներուն տառերով կազմէ՛ բարեկամներու կապը բնորոշող ամէնէն գեղեցիկ պահուած ածականը։
ԽաղալՈՒՂՂԱԳՐԱԿԱՆ ԽԱՂ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱԿԱԴՐՈՒԱԾ ԲԱՌԵՐՈՎ
Այո, որքա՜ն գեղեցիկ բան մըն է բարեկամութիւնը, որ կը կարծես, թէ ամէն մարդ պիտի ուզէ՛ բարեկամ ըլլալ, բայց եկուր տես, որ մարդոց մէջ կան նաեւ ոչ-բարեկամներ, որոնք ընկերութեան տգեղ եւ տխուր կողմերն են: Գիտնանք անոնց տեսակները եւ խուսափինք այդպիսիներէն, բայց մանաւանդ՝ զգուշանանք այդպիսին ըլլալէ:
Սկսինք ճանչնալով զանոնք, ամբողջացնելով հետեւեալ բառերէն պակսող տառը՝ ընտրելով կողքին տրուած տառերէն ճիշդը։
ՊԱՀՈՒԱԾ ԲԱՌԸ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԱԾԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Տուեալ բառերը հայերէնի ամէնէն գեղեցիկ ածականներէն փունջ մըն են, որոնք կը յատկանշեն բարեկամութիւնը: Անոնք կը գտնուին վարի ցանցին մէջ, որոնք գտնելով ու ջնջելով պիտի գտնես պահուած բառը։ Յիշեցնենք, որ բառերը կրնաս ջնջել հորիզոնական շարքերու եւ ուղղահայեաց սիւնակներու վրայ, երկու ուղղութեամբ։ Բայց իւրաքանչիւր տառ միայն մէկ անգամ կրնաս գործածել։ Ամէնէն վերջը պահուած բառը տեղադրէ վարի տուփիկին մէջ:
ԽաղալԽԱՉԲԱՌ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԲԱՌԵՐՈՎ
Թէեւ բարեկամ բառը ինքնին գեղեցիկ բառ մըն է, որ կը նշանակէ «բարին կամեցող*», բայց մենք այլ ածականներով աւելի կը շեշտենք անոր իմաստը։ Խաչբառին բառերը անոնցմէ մաս մըն են: Սկսինք լուծել խաղը, նոյն ատեն մտածելով մեր բարեկամներուն մասին, ինչպէս նաեւ մեր մասին, թէ մե՛նք ինչպիսի բարեկամ ենք:
Խաղալ