ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ԽԵԼԱԽՕՍԸ ԿԱՄ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆԸ

 

ՓԹԻԹ-ի այս թարմացումին նիւթը խելախօսը կամ խելացի հեռաձայնն է։

Խելախօսը այլեւս մեր առօրեային մաս կը կազմէ եւ բոլորս ալ օրական բաւական ժամանակ կ'անցընենք անոր ընկերակցութեամբ, որովհետեւ ան սովորական հեռաձայն մը չէ, այլ ունի բազմաթիւ օգուտներ։ Ան ոչ միայն դիւրին, արագ եւ աժան հաղորդակցութեան միջոց է բարեկամներու եւ արտերկրի* հարազատներու հետ խօսելու, այլ է նաեւ արագ լրատւութեան* միջոց, երաժշտութիւն ունկնդրելու, ֆիլմ դիտելու եւ լուսանկարելու գործիք, զարթուցիչ, հաշուիչ մեքենայ, ժամացոյց, հայելի, լուսարձակ, բառարան, ուղեցոյց, ելեկտրոնային խաղերու եւ ընկերային ցանցերու շտեմարան, եւ այլն։ Անշուշտ նշուածներէն մեծ մասը համացանցի օգտագործումով կ'ըլլայ, իսկ մաս մըն ալ զանազան յաւելուածներ ներբեռնելով (ինչպէս ՓԹԻԹ-ինը)։ Այս բոլորին ծանօթ ենք եւ մեծ մասը օրական կ'օգտագործենք։

Սակայն խելախօսը վերոյիշեալ առաւելութիւններուն կողքին ունի բազմաթիւ անպատեհութիւններ ալ, որոնց կրնաք մանրամասնօրէն ծանօթանալ մեր կայքի գիտական բաժինէն։ Հոս պիտի բաւարարուինք նշելով, թէ խելախօսի չափազանց գործածութիւնը ընկերային եւ առողջական բազմաթիւ լուրջ հարցերու պատճառ կ'ըլլայ։

Հետեւաբար, խուսափելու համար խելախօսին անպատեհութիւններէն, թէեւ շարունակենք օգտուիլ անկէ, բայց սահմանափակենք անոր օգտագործումը, աւելի ժամանակ յատկացնելով մեր ընտանեկան ու ընկերային կեանքին եւ անձնական ուղղակի յարաբերութիւններուն: