ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
ԸՆՏԱՆԻՔ
  Ընտանիքը շատ կարեւոր դեր ունի մեր կեանքին մէջ։ Ան մեզի կը հայթայթէ* 
զգացական, ընկերային եւ նիւթական ապահովութիւն։ 
Առանց ընտանիքի, կեանքը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ, քան երբ շրջապատուած ենք տան հարազատ անդամներով:
Ընտանիք բառը կազմուած է ընդ նախդիրէն եւ տուն արմատէն: «Ընդ տան» կը նշանակէ տունի մէջ՝ ուրեմն ընտանիք՝ նոյն տունին մէջ գտնուողներ, ապրողներ: Բառին ժողովրդական 
ստուգաբանութիւնը* նոյնպէս հետաքրքրական է, 
որ բառին կազմութիւնը կը բացատրէ «ընդ-տանիք» ձեւով, իբրեւ նոյն տանիքի տակ ապրող մարդոց խումբ։
Գերդաստանը կամ տոհմը արիւնակցական* 
կապով իրարու առնչուած ընտանիքներու ամբողջութիւնն է: Այն գերդաստանները, ուր կը պահուին ընտանեկան աւանդութիւնները, կ'ըլլան աւելի համերաշխ եւ սիրով:
Ծուխ բառը եկեղեցական իմաստով կը նշանակէ մէկ տունի մէջ ապրողներու խումբ: Բառին ծագումը եկած է այն երեւոյթէն, երբ ամէն հին գիւղական տուն ունէր իր կրակարանը կամ թոնիրը, որմէ ծուխ կ'ելլէր:
Ընտանիքի գլուխ ըսելով ընդհանրապէս նկատի կ'առնուի տան հայրը կամ ամենամեծ անդամը, որ աւանդականօրէն կրնար ըլլալ նաեւ մեծ մայրը կամ մեծ հայրը: 
Արդի ըմբռնումով*՝ 
ընտանիքի գլուխը կը համարուին հայրն ու մայրը՝ իբրեւ միասնութիւն:
Ազգային, քաղաքացիական* ու ընկերային ինքնութեան ամէնէն կարեւոր 
լծակներէն* 
մէկը ընտանիքներու համերաշխ գոյավիճակն ու զաւակներու առողջ դաստիարակութիւնն է։ 
Ապագայ սերունդներու ճիշդ դաստիարակութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի հայ ընտանիքը: Հայ ծնողքը մարդկային, ազգային, հոգեւոր արժէքներ եւ աւանդոյթներ փոխանցելով՝ կը կերտէ իր զաւակներուն 
հոգեմտաւոր* 
կառուցուածքն ու քրիստոնէական, հայեցի ու մարդկային դիմագիծը, արմատաւորելով կենսական արժէքներ ու ըմբռնումներ անոնց մէջ:
  

ԱՅԼ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
- ԱՊԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
 - ԾԱՌԵՐ
 - ԽԵԼԱԽՕՍԸ ԿԱՄ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆԸ
 - ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
 - ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑԸ
 - ՏԻԵԶԵՐՔ
 - ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ
 - ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ
 - ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՑԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
 - ՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
 - ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԸ
 - ԸՆՏԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐԸ
 - ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐ
 - ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30 ԱՄԻԱԿ
 - ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ
 - ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
 - ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՕՐԵՐՈՒՆ ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄԸ
 - ՓԹԻԹ-Ի ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄԸ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ
 - ՓԹԻԹ-Ի ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
 - ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ
 - ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԵՒ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
 - ԲՋԻՋԱՅԻՆ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆՆԵՐԸ
 - ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
 - ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՀԱՃՈՅՔԸ
 - ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ
 - ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԻ ՕԳՏԱԿԱՐ ԶԲԱՂՈՒՄՆԵՐԸ
 - ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
 - ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
 - 2015-Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
 - ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
 - ՓԹԻԹ-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ
 - ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ